2009-06-17 14:51:18

Էջ մը հայ գրականութենէն` Արսէն Երկաթ


Էջ մը հայ գրականութենէն` Արսէն Երկաթ

Արսէն Երկաթ (1893-1969). Սփիւռքահայ բանաստեղծութեան խոհուն քնարերգակը։ Մայիս 19ին, կը զուգադիպի մահուան 40-ամեակը իւրայատուկ հայ բանաստեղծի մը, որ Արսէն Երկաթ գրչանունով ամբողջ տասնամեակներ ներկայութիւն եղաւ սփիւռքահայ մամուլի գրական գլխաւոր հանդէսներուն՝ Հայրենիքէն մինչեւ Բագին ամսագրերու էջերուն, ինչպէս եւ օրաթերթային հայ մամուլի գրական բաժիններուն մէջ։ Շամլըեան էր ազգանունով։ Ծնած էր 1893ին, Ամասիա(թուրքիա)։ Հազիւ պատանի, բժիշկ հօր հետ ընտանեօք տեղափոխուած են Եգիպտոս, ուր ատեն մը Գահիրէի Գալուստեան վարժարանը յաճախելէ ետք, հետեւած ու աւարտած է տեղւոյն Ֆրանսական Լիսէն։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ, որուն գրականութեան բաժինը աւարտած է փայլուն արդիւնքով։ Եղած է հմուտ ֆրանսագէտ։ Երիտասարդ տարիքէն Արսէն Երկաթ հանդէս եկաւ չափածոյ, երբեմն նաեւ արձակ բանաստեղծութիւններով։ Արսէն Երկաթ դաշնակցական էր, ազգային- հասարակական յանձնառու գործիչ, որ ամբողջ տասնամեակներ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ ուրոյն ներդրումը ունեցաւ Եգիպտոսի հայ գաղթօճախի կեանքին մէջ, մինչեւ անցեալ դարու յիսունականներու վերջերը գաղութի ապրած ծաղկման ու փառքի շրջաններուն։ 1968ին տօնուեցաւ գրական իր գործունէութեան վաթսունամեակը՝ Քանատայի մէջ, Մոնթրէալ։ Յոբելեանէն ետք, սակայն, սրտի անհանգստութիւնը զինք քամեց անկողնին եւ տարի մը ետք, Մայիս 19ին, Մոնթրէալի մէջ իր աչքերը փակեց հայոց անցեալն ու փառքը իւրովի սփիւռքեան ափերուն ապրեցնող եւ վաղուան հայրենի հողերու արշալոյսը աւետող խոհուն քնարերգակը, ինչպէս որ կը վկայէ Արսէն Երկաթի Գառնի բանաստեղծութեան եզրափակիչ քառեակը, գրուած բանաստեղծի կեանքի վերջալոյսին.



Հայոց Արքան բարձրանալով իր վեհապանծ գահը նորէն՝

Ծա՜փ կը զարնէ որ արթննանք մենք ողջերս ալ,

Մինչդեռ ահա՛ գիշերին մէջ մոլեգնօրէն

Կը բորբոքի խարոյկներուն հուրը դարձեալ...։








All the contents on this site are copyrighted ©.